2013-12-02 12:28:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Իսրայէլի Վարչապետին եւ Հոլանտայի Եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումներ։


Երկուշաբթի, 2 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապտը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Իսրայէլի վարչապետ Պէնաժամին Նեթանիաու ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Հադիպման ընթացքին շօշափուած նիւթերու շարքին էին` Քրիստոնեաներու իրավիճակը Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրբ Երկրի մէջ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ - Պաղեստին բանակցութիւններու ընթացքը։
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան մասին ու երկու Պետութիւններու միջեւ կայացած յարաբերութիւններու մասին ու յոյս յայտնուեցաւ որ երկու Պետութիւններու միջեւ պատրաստոուած համաձայնագիրը յանգի իր աւարտին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Իսրայէլի Վարչապետին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, ընդունեց Պոլիվիայի Սանթա Գրուզ Տէ Լա Սիէրրայի երբեմնի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Խուլիօ Թերրազաս Սանտովալը ու ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Հոլանտայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի շարք մը եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են հնգամեայ կանոնական այցելութիւն կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Յայտնենք որ Հոլանտայի եպիսկոպոսներու այցելութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ 7 դեկտեմբեր։
Հոլանտան ունի 41.528 քմ տարածք եւ 16 ու կէս միլիոնէ աւելի բնակչութիւն, որոնք 24,1 առ հարիւրը կաթողիկէ է, 16,8 առ հարիւրը բողոքական, 6 առ հարիւրը մահմետական, 3 առ հարիւրը այլ կրօններու հաւատացեալ, իսկ 50 առ հարիւրը անհաւատ։ Հոլանտայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է Կարտինալ Ուիլլէմ Եագոպուս Էյժգ, իսկ առաքելական նուիրակն է `գերապայծառ Անտրէ Տիւփուի։ Հոլանտայի Եկեղեցին ունի մէկ Եկեղեցական Գաւառ`6 թեմեր եւ մէկ զինուորական առաջնորդութիւն։ Հոլնատայի մէջ քրիստոնէութիւնը սկիզբ առած է 6-րդ դարուն։
Հոլանտայի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց, իրենց Քրիստոսի եւ Աւետարանի ի սպաս ծառայութեան համար։ Ան ապա խօսեցաւ Եկեղեցւոյ դերին մասին, որ Մօր մը համբերութեամբ կը հետեւի իր զաւակներուն պահանջներուն։ Ակնարկելով հուսկ Հաւատոյ Տարուան, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց աշխարհականացումի ենթարկուած հասարակութեան իրողութեան, ուր հարկաւոր է ի յայտ բերել Աստուծոյ ողորմութիւնը ու անոր հոգատարութիւնը, հանդէպ ամէն մէկ անհատի։ Եկեղեցին պարտականութիւնը ունի կրկնելու Յիսուսի խօսքերը '' ինծի եկէք, դուք ամէնքդ, որ յոգնած կը հեծէք բեռին ծանրութեան տակ, ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի''։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօսեցաւ ընտանիքի, ամուսնութեան եւ կեանքի պաշտպանումի կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ ակնարկեց համամիութենական յարաբերութիններուն ու երկխօսութեան ու յատկապէս Քահանայական կոչումներու մասին որ կ՛ապահովեն Եկեղեցւոյ ապագան։ Ուշադիր եղէ՛ք համապատասխանելու Քրիստոսի` Բարի Հովիւի կամքին`, ու յանձնառու եղէք պաշտպանելու եւ զարգացնելու միութիւնը ամէն բանի մէջ եւ ամենուն միջեւ, ըսաւ Քահանայապետը, ու ապա անոնց ու հաւատացեալներուն վրայ հայցեց Աստուածածնայ հովանիին ու ջամբեց իր Հայրական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.